Վրաստանի Մէջ Հայերու Ազգանուններուն «ի» Մասնիկ Կ՛աւելցնեն. Պարզաբանում Թիֆլիսէն
Վրաստանի հայ քաղաքացիներուն ազգանուններուն վրայ «ի» մասնիկը աւելցնելը վրացերէնի լեզուական առանձնայատկութիւնն է («Գասպարեանի» «Գասպարեան»–ի փոխարէն), Վրաստանի նախագահ Միխէիլ Սաակաշվիլիիյայտարարեց խորհրդական Վան Պայպուրտ` անդրադառնալով այսօր հայաստանեան մամուլի մէջ տեղ գտած այն հրապարակման, որ Քուէմօ-Քարթլի նահանգի հայաբնակ Տամիա գիւղի բնակիչները վերջերս իրենց բաժանորդագրական քարտերուն վրայ անսպասելի յայտնաբերած են, որ իրենց ազգանուններուն աւելցած է վրացական «ի» մասնիկը:
«Իմ ազգս օրինակ` «Պայպուրտ» է, կը գրուի` «Պայպուրտի», Ձեր ազգը` «Դաշտենց», կը գրուի` «Դաշտենցի»: Ու ոչ միայն հայերունը, այլ նաեւ ատրպէյճանցիներունը` «Մամետովի»: Ամենայն լրջութեամբ կ՛ըսեմ, որ ասիկա յօրինուած բան է»,- ըսաւ Վան Պայպուրտ:Անոր խօսքով` վրացերէն լեզուամտածողութեամբ «Վարդանովա» ազգանունն ալ կը գրուի «Վարդանով», ինչպէս ԱՄՆ-ի մէջ:
Այնպէս որ, Վրաստանի նախագահի խորհրդականը «ի» մասնիկի աւելնալուն մէջ որեւէ միտում չի տեսներ:
«Այստեղ դեսպանութիւններ կան, հայկական կազմակերպութիւններ, նման բաներու պարագային, եթէ որեւէ վրիպում ըլլայ, անոնք առաջինը կը բարձրաձայնեն այդ մասին»,- ըսաւ Վան Պայպուրտ:Վրաստանի մէջ գործող «Վիրք» կուսակցութեան նախագահ Դաւիթ Ռսդագեան այս «ի» մասնկի աւելնալուն մէջ վրաց իշխանութիւններուն կողմէ յստակ եւ յատուկ քաղաքականութիւն կը տեսնէ: Մէկ կողմէն հայերը իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւն աւելցնել եւ միւս կողմէն` ձուլել Հարաւային Վրաստանի բնակչութեան հետ:«Նախ եւ առաջ, ըսեմ, որ եթէ Պայպուրտը կ՛ըսէ «չէ», ուրեմն պէտք է հասկնաս «այո», ընթացքին իբրեւ նախաբան նշեց Դաւիթ Ռսդագեան:Անոր խօսքով` այս գործընթացը սկսած է դեռ ԽՍՀՄ փլուզումէն անմիջապէս ետք, եւ ջաւախահայութեան մէջ բողոքի ալիքի իբրեւ արդիւնք՝ վրաց իշխանութիւնները զգուշացան ու հայերուն ազգանունին վերջը «սկսան յստակ գրել «եան»:
«Որովհետեւ միջազգային չափանիշ կայ, որ կ՛արգիլէ ասիկա. ազգային փոքրամասնութիւններու ազգանունները չեն հոլովուիր, կը գրուին ուղիղ ձեւով: Վրացերէն ըլլայ, թէ յունարէն կամ չինարէն, ատիկա նշանակութիւն չունի. պիտի յստակ գրուի այն ազգանունը, որ կը հնչէ ազգային փոքրամասնութեան լեզուով: Բայց Պայպուրտ դժուար կը հասկնայ այդ միջազգային իրաւունքը: Բայց ըսեմ, որ նաեւ հասկնալով կ՛ընէ ատիկա»,- ըսաւ Դաւիթ Ռսդագեան: