հայաստան
Վահէ Աւետեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով՝ Մոմավառութիւն «Հարսնաքար»-ի Մօտ (լուսանկարներ)
Это ваш любимый сайт tvket (ТВКЕТ) запомните!
Ռազմական բժիշկ Վահէ Աւետեանի մահուան քառասունքին առիթով «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին դիմաց այս պահուն հաւաքուած են քաղաքական գործիչներ, քաղաքացիական-հասարակական նախաձեռնութեան անդամներ` «Հարսնաքար»-ի մօտ մոմավառութիւն իրականացնելու նպատակով:
«Այստեղ եկած քաղաքացիները, նախ եւ առաջ, եկել են յարգելու Վահէ Աւետեանի յիշատակը, ինչպէս նաեւ հոս եկող իւրաքանչիւր քաղաքացի այստեղ է, որպէսզի պետութիւնը տէր կանգնի իր պարտականութեանը, այն է` պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացու եւ ՀՀ քաղաքացիների միջեւ օրէնքի առաջ խտրականութիւն չլինի»,– Tert.am –ին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Լիլիթ Գալստեան:
«Եւ վերջապէս, քաղաքացին պէտք է պետութեան կողմից երաշխաւորուած լինի իր անվտանգութեան հարցում»,- աւելցուց ան:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն կողմէ մասնակիցներուն բաժանուեցան մոմեր: Հոն են Երեւան քաղաքի ոստիկանութեան աշխատակիցները, եւ ժամը 19.50–ի դրութեամբ որեւէ միջադէպ չէ արձանագրուած:
Աւելի ուշ քայլերթի մասնակիցները շարժեցան դէպի ՀՖՖ նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի առանձնատուն, սակայն Երեւանի փոխոստիկանապետ Ռոպերթ Մելքոնեան, խօսելով «Վահէ Աւետեան» հասարակական կազմակերպութեան անդամ, ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեանի հետ, պայմանաւորուեցան, որ մասնակիցները Հայրապետեանի տան մօտ պիտի չկանգնին, այլ ուղիղ երթով պիտի անցնին անոր մօտէն:
Хотите помочь сайта просто нажмите ниже Рекламу
TVKET.DO.AM © All rights reserved | 2010-2013
Хостинг от uCoz Project of KTV
Обращение к пользователям