Քեսապի Տուզաղաճ Գիւղի Հայ Տղամարդիկ Տեղահանած են Կանանց ու Երեխաները եւ Պաշտպանած Իրենց Տուները
Սուրիոյ Քեսապ հայաբնակ շրջանի Տուզաղաճ գիւղի բնակչութիւնը գիշերը յայտնուած է դժուարին կացութեան մէջ: Այն պարագային, երբ սուրիական կառավարական ուժերը գլխաւորաբար հարաւային կողմն էին, ապստամբները յարձակած էին Ֆրնլըխի վրայ, որ Տուզաղաճէն 5-6 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, անմարդաբնակ է եւ զինուորական կայանակէտ կայ:
Տուզաղաճի բնակչութիւնը բաղկացած է հայերէ եւ արաբներէ։Հայ տղամարդիկ հասցուցած են կանանց եւ երեխաները տեղափոխել Քեսապի այլ գիւղեր, եւ իրականացուցած են հսկողութիւն: Այս մասին Tert.am-ին յայտնեցին գիւղի բնակիչները:Դիմադրութեան ընթացքին կառավարական ուժերը հասած են դէպքի վայր, չեզոքացուցած են ապստամբները եւ դիրքաւորուած են թուրք-սուրիական սահմանի երկայնքին:
Մարտերու ընթացքին զոհուած է 2 զինուոր եւ մէկ քաղաքացի, որ Քեսապի բնակիչ ըլլալով լաւապէս կը տիրապետէր հայերէն լեզուին։ Զոհերու շարքին հայեր չկան: