հայաստան
Մենք Չենք Ուզեր Լիբանանի Իշխող Համայնքը Ըլլալ. Սէյիտ Նասրալլա. «Ազդակ»
Это ваш любимый сайт tvket (ТВКЕТ) запомните!
Դիմադրութեան զօրակցող կիներու խորհուրդներուն կազմակերպած իֆթարին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի համար մտահոգութեան հիմնական աղբիւր կը ներկայացնէ Լիբանանը, որ Դիմադրութիւն ունի եւ այդ պատճառով ալ Իսրայէլ չի կրնար շրջանին իրադարձութիւնները օգտագործել եւ Լիբանանի դէմ յարձակում գործել:
Սէյիտ Նասրալլա այս օրերը նկատեց ցաւալի օրեր` աւելցնելով, որ բոլոր կողմերը կ՛ուղղուին քանդելու Սուրիան` մերժելով միջսուրիական որեւէ երկխօսութիւն:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեց, որ Լիբանանի նկատմամբ Իսրայէլի ախորժակները տակաւին առկայ են:
Սէյիտ Նասրալլա նաեւ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ զէնքի գոյութիւնը լուրջ հարց է եւ անիկա մնայուն վտանգ է քաղաքացիներուն համար, նախքան Դիմադրութեան գոյութիւնը:«Լիբանանեան պետութեան հիմնումը արգիլող հիմնական պատճառը համայնքային դրութիւնն է, քաղաքական փտածութիւնը, ինչպէս նաեւ վարչական եւ ելեւմտական փտածութիւնը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ շիի համայնքը չ՛ուզեր Լիբանանի իշխող համայնքը ըլլալ:
Хотите помочь сайта просто нажмите ниже Рекламу
TVKET.DO.AM © All rights reserved | 2010-2013
Хостинг от uCoz Project of KTV
Обращение к пользователям