ԼՂՀ-ն Շատ Կարեւոր է ԱՄՆ-ի Համար իր Բացասական ու Դրական Կողմերով. Ռիչարտ Կիրակոսեան
ԱՄՆ Մասաչուսէթսի նահանգի օրէնսդիր մարմնի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը կը վկայէ այն մասին, թէ որքան կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղը ԱՄՆ-ի համար, եթէ նկատի ունենանք, որ անկէ մէկ ամիս առաջ ալ համանման որոշում ընդունած էր Ռոտ Այլընտի խորհրդարանը:
Այսօր լրագրողներու, Պաշտպանութեան նախարարութեան ու ԱԳՆ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպում-քննարկման ընթացքին յայտարարեց Տարածաշրջանային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ռիչարտ Կիրակոսեանը` իբրեւ նախաբան «լեռնային Ղարաբաղի մէջ այսօրուայ զարգացումները» վերնագրով իր անդրադարձին:
Անոր խօսքով` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը շատ աւելի կարեւոր է ԱՄՆ-ի համար, քան սառեցուած այլ հակամարտութիւններ եւ՛ դրական, եւ՛ բացասական առումով:Ըստ Ռիչարտ Կիրակոսեանի` ԼՂ հակամարտութիւնը պայմանականօրէն կարելի է բաժնել երեք ենթակէտերու. Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զարգացումներն ու միտումները ռազմական անվտանգութեան տեսանկիւնէն, ընդհանուր քաղաքական զարգացումներ եւ վերջապէս «ուր հասած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով»:
Վերջինիս խօսքով` ակնյայտ է, որ կայ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ լարուածութիւն, ինչպէս նաեւ շփման գծին դիպուկահարներու կրակոցներու աշխուժացում, սակայն շատ աւելի կարեւոր է այն, ինչ կը տեսնենք ներկայիս: Այն է`«ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութիւն»:«Ատրպէյճանը կ’աւելցնէ պաշտպանական ծախսերը եւ վերջերս սկսած է ձեռք բերել աւելի շատ մահաբեր ու յարձակման համար նախատեսուած զէնք-զինամթերք: Այս ձեռքբերումներու միտումն ալ աւելի կարեւոր կը դարձնէ իրադրութեան վատթարացման վտանգը»,– ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճ կողմէ պաշտպանական նպատակներով կատարուող ծախսերուն, ապա, ըստ Կիրակոսեանի, կարեւոր է ոչ թէ այն, թէ որքան գումար կը ծախսուի այդ նպատակով, այլ, թէ այդ գումարը ուր կ’երթայ եւ ինչպէս կ’օգտագործուի:«Կը կրկնեմ` յարձակողական ռազմամթերքի ձեռքբերումն ու Հայաստանի վրայ Մինսկի խումբի ձեւաչափի մէջ դիւանագիտական ճնշում բանեցնելու, այլ խօսքերով` ատրպէյճանական յարձակումները ազդակներ են Հայաստանին եւ միջազգային հանրութեան: Իսկ այն, որ Ատրպէյճան յոյսեր չունի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցով, ցոյց կու տայ Թուրքիոյ կողմէ դաւաճանուած ըլլալու զգացողութիւնը, որ առկայ է Ատրպէյճանի մէջ»,– ըսաւ ան:
«Այնպէս որ, թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու վատթարացումը եւս մէկ գործօն է, որ իր դերը խաղացած է լարուածութիւնը աւելցնելու հարցով»,- ըսաւ Ռիչարտ Կիրակոսեանը, որ ռազմական անվտանգութեան տեսանկիւնէն իրական վտանգ կը համարէ յանկարծահաս պատերազմը: Սա, Ռիչարտ Կիրակոսեանի խօսքով` աւելին է, քան վտանգը:Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներքաղաքական իրավիճակը, որ նախապէս չկար, սակայն հիմա առկայ է, ըստ քաղաքագէտի հետեւեալն